2014-01-02 09:33:47

Յոյսով, Լոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին
(քաղուած` Ազդակ Օրաթերթէն)


ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ետին ձգած չարն ու բարին, կ՛երթայ հին տարին, որ դեր ե’էկ այնքան նոր էր ու բարի:
Չենք մոռցած քեզ հին տարի, բարիքներդ զորս բաշխեցիր, եղան հաւատք ու ցնծութիւնը, բայց չարիքը այդ անպիտան, հետապնդեց քեզ այնքան, որ մնացինք անտիրական:
Յոյսին տենչով, լոյսին կանչով գովերգեցինք քեզ երէկ, բայց մնացինք մենք խաբուած` ի տես մարդկանց չարագործ, որոնք բերին մահ ու աւեր, դրացիին, հարազատին մեր շինարար: Ինչո՞ւ արդեօք տկարացաւ բարին հզօր, գազանացաւ չարը վայրագ:
Խնդրած էինք խաղաղութիւն աշխարհին համայն, որ չըլլային մայր ու մանուկ մահուան դիմաց: Խնդրած էինք խաղաղութիւն Լիբանանին մեր աննման, որ չ՛սեւնար ձիւնը Սաննինի, շէները շէն մնային դալար, եւ շինականը պարզուկ երգէր Ֆէյրուզի երգերը ու սփռէր ձայնով մեղեդի, գովք Լիբանանի, որուն «Ձիւնը սէր է եւ արեւը ազատութիւն»:
Նոր տարի բարի, մանուկները չեն խաբուած, մենք ալ մանկան նման կը հաւատանք, որ պիտի գաս ձեռքերդ բաց, պարզելու ամէնէցուն, բուռ բուռ բարիք, երգ ու ժպիտ:
Կը սպասենք քեզ, Նոր տարի, որ ըսես մեզի, թէ վերջ գտան պատերազմները` Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա, ուր տառապած հարազատներ, անքուն աչքերով գալուստիդ կը սպասեն:
Գալուստդ բարի, մեր Նոր տարի, ո՛չ մէկ երազ թող խամրի: Մայրերը մեր ըլլան հարուստ, բերքովը նոր ծնունդներու:
Երիտասարդները ըլլան խիզախ, շինելու նոր տուն, ծիծեռնակին պէս յուսատու, որ`
«Իր բոյնը կը շինէ, ե՛ւ կը շինէ ե՛ւ կ՛երգէ,
Ամէն մէկ շիւղ կպցնելու, իր հին բոյնը կը յիշէ»:
Յիշէ Նոր տարի, մեր բոյնը հին, հայրենիքը յաւերժական` Հայաստանէն Արցախ, ուր երգ դառնան վիշտ ու վէրքեր, ոչ մէկ թշնամի մօտենայ մեր սահմանին: Հերոսները մեր պաշտպանէ թուրքին դաւէն, թաթարին թոյնէն: Այս ամէնը կը պահանջենք Նոր տարի, թէ բարի ես, չարիքները հեռացուր, որ փառք տանք քեզի…
Յոյսի, լոյսի աղբիւր դարձիր, Նոր տարի՛, որ հայրերուն հետ մեր անցեալի, աղբիւրները մեր հայրենի, ոսկի հոսին, ցնծութիւնը դառնայ ոսկի հունձք, արտերուն մեր Շիրակի:
Թէ բարի ես, դուն Նոր տարի, խօսքդ հրաշք թող տարածուի, երթայ, հասնի մինչեւ Հալէպ ու Դամասկոս, մինչեւ Տէր Զօր ու Գամիշլի, ուր աճիւններ հարիւրամեայ, դեռ կը սրսփան, ոտքերուն տակ վայրագ ցեղին:
Տարին է 2014, մօտ է արդէն, հայոց եղեռնի տարելիցը անմեռ: Պիտի վառենք մոմեր հարիւր, հոգիներուն համար միլիոն, որ արթննայ խիղճն աշխարհի, չպատահի ո՛չ ջարդ եւ ո՛չ կորուստ հողի: Արարատէն մինեւ Արաքս, արդարութիւն թող բարբառի լեզուով Մեսրոպի, պատարագով Կոմիտասի, մեճլիսներով Սայաթ Նովայի:
Յոյսով հաստատ կը հաւատանք քեզ Նոր տարի, որ պիտի բերես խաղաղ տարի: Զօրութեամբդ հրաշալի, թող չքանան չարերն ամէն, արեւելեան կողմն աշխարհի:
Գիտես Նոր տարի, որ սփիւռք ենք մենք ցրուած աշխարհի հարաւէն հիւսիս: Կ՛ապրինք այրեցեալ գօտիներու մէջ, նաեւ հիւսիսի ցուրտ ալիքներուն: Մեզ յանձնէ յաւէտ մեր բարեխառն հողին հայրենի:
Արդեօք շա՞տ եղաւ խնդրանքը մեր, խնդրանք չէ այս, պահանջ արդար, մեզի շնորհէ իրաւունք ազատ:
Մեր դպրոցները ըլլան ինքնաբաւ, լեցուին մանուկներ, մանկապարտէզներ: Օտարին խայծը չըլլայ հրապոյր, մեր հօտին դառնանք, մեր փարախին ջերմ: Իմաստութիւն բեր, արի Նոր տարի, ինչպէս երգեցին մեր նախնիք բարի, թէ կեանքին իմաստը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ`
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Անգամ մը եւս յիշեցուր որդւոց հայազգի, թէ լեզուն միայն կը փրկէ հայրենիք: Յիշեցուցիր մեզի խօսքն Աբովեանի.
«Լեզուդ մոռցիր, հաւատդ ուրացիր, էլ ինչպէս ասեմ թէ որ ազգիցն ես»:
Բարով եկար դուն, Նոր տարի՛, քայլերդ ըլլան մեծահոգի, որ յաղթես չարին, բերես փրկութիւն համայն աշխարհի:
Շնորհաւոր Նոր տարի:

27 դեկտեմբեր 2013








All the contents on this site are copyrighted ©.